2011-11-02 13:03:21

Պելկիացի Մայրապետ Մը Իսրայէլի Մէջ Կը Դասուի <<Արդարներու>> Շարքին։


Երուսաղէմի Լատին պատրիարքի յայտարարութեամբ 3 նոյեմբերին Երուսաղէմի Եատ Վաշէմի յուշակոթողի առջեւ տեղի ունեցող արարողութեան մը ընթաքցին, պելկեացի քոյր Մարի Վէրոնիքը պիտի յայտարարուի որպէս մարդկութեան հանդէպ <<Արդար>>։ Պելկիացի մայրապետը 1929 - 1951 եղած էր Պելկիոյ Հուլբ քաղաքի Սուրբ Սիրտ Մարիամու վանքին մեծաւորուհին ու նացիական հալածանքներու ընթացքին վանքին մէջ հրեայ աղջնակներուն ապաստանութիւն տուած է վանքէն ներս, զիրենք ազատելով մահէն։ Քոյր Մարի Վէրոնիքը իր մահկանացուն կնքած է 98 տարեկանին 1973 թուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.